Արամ Ա-ն ԱՄՆ-ում Կոնգրեսի նախագահի, Ադամ Շիֆի հետ քննարկել է Արցախի հարցը
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՅՈՒՆՀինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի կեդրոնատեղին Ուաշինկթընի մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ քոնկրէսի նախագահ Մայք Ճոնսընի, ապա Քալիֆորնիան ներկայացնող երեսփոխան Ատամ Շիֆին հետ: Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսարանից։
Երկու հանդիպումներէն ետք Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուեցաւ խորհրդարանի սրահ, ուր, խորհրդարանի նախագահին հրաւէրով, Նորին Սրբութիւնը աղօթքով բացումը կատարեց խորհրդարանի նիստին: Իր աղօթքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, թէ աւելի քան 100,000 հայորդիներ պարտադրաբար հեռացած են իրենց դարաւոր հայրենիքէն՝ Արցախէն:
Յիշեալ աղօթքէն ետք, խորհրդարանին կից գտնուող սրահին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան ընթացքին, Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը խորհրդարանի անդամներու հետ, որոնց կարգին նախկին խորհրդարանի նախագահ Նէնսի Փելոսիի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ պաղեստինեան տագնապին:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը, յիշեալ երեք թեմերու ազգային վարչութեանց դիւանները եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանը: