ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՅՈՒՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՅՈՒՆ ՄՇԱԿՈՒՅԹ ՍՊՈՐՏ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹՅՈՒՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹՅՈՒՆ ՖՈՏՈ ՎԻԴԵՈ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ԱՅՍ ՕՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄԵՆԱԸՆԹԵՐՑՎԱԾ ԻՐԱՎՈՒՆՔ


Սփյուռքն աջակցություն է հայտնում «Ծառուկյան» դաշինքին

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹՅՈՒՆ

Ստորև ներկայացնում ենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցության Գերագույն խորհուրդի նախագահ Վարդան Նազարյանի նամակը, որով հայտարարվում է «Ծառուկյան» դաշինքին միանալու մասին.

«Ազգային բարերար, քաղաքական կարկառուն գործիչ
ՀՀ Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ
Տիար Գագիկ Ծառուկեան

Մեծայարգ

Պարոն Գ. Ծառուկեան

Նախ թոյլ տուէք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի անունով ողջունել Ձեզ գործուն քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու Ձեր որոշման առթիւ եւ մաղթել ուժ, կարողութիւն եւ յաջողութիւններ՝ ի խնդիր մեր ազգային զոյգ պետութիւններու եւ բովանդակ մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի ապահովման եւ ազգային իղձերու իրականացումին։
Երկրորդ՝ կ'ողջունենք Ձեր նախաձեռնութիւնը նախընտրական լայն դաշինք ստեղծելու առթիւ։ Արդարեւ, Ձեր նկատմամբ մեր ժողովուրդին ունեցած անկեղծ յարգանքն ու սէրը¸ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին ձեր վայելած լայն ժողովրդականութիւնը իրական հիմք են յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ համաժողովրդական լայն ճակատ ստեղծելու եւ ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս քաղաքական բեղմնաւոր եւ ազդեցիկ աշխատանք յառաջ տանելու ուղղութեամբ, միշտ ի պաշտպանութիւն մեր Մայր հայրենիքի եւ համայն հայութեան շահերու։

Երրորդ՝ ծանօթանալով եւ քննարկելով «Ծառուկեան» դաշինքի Ձեր կողմէ յայտարարուած սկզբունքները, նախապէս ալ քաջ ծանօթ ըլլալով տարբեր առիթներով Ձեր ունեցած ելոյթներուն, այդ սկզբունքներն ու մօտեցումները կը նկատենք նաեւ մերը եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք նոյն ուղղութեամբ աշխատիլ նաեւ Սփիւռքի տարածքին։

Հետեւաբար, մեծապէս կ'ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 1991 թ.էն ի վեր պաշտօնապէս եւ պետականօրէն գրանցուած Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան որոշումը՝ միանալու «Ծառուկեան» դաշինքին եւ միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, պատուով յաղթահարելու ընտրութիւններու դժուարութիւնները եւ արժանաւորապէս տեղ գրաւելու յառաջիկայ Ազգային Ժողովին մէջ՝ միշտ ուղղութիւն վերցնելով հայութեան եւ հայկական մեր զոյգ պետութեանց գերագոյն շահերը։
Այդ առաքելութեան մէջ, պարոն Ծառուկեան, միշտ կրնաք վայելել նաեւ սփիւռքեան կառոյցներուն՝ Մ. Նահանգներ, Քանատա, Լոնտոն, Ֆրանսա, Յունաստան, Եգիպտոս, Իրաք, Երուսաղէմ, Յորդանան եւ Պէյրութ գտնուող մեր շրջանակներուն աջակցութիւնը¸ մեր «Պայքար», «Ապագայ», «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր», «Նոր աշխարհ», «Արեւ» թերթերուն, ինչպէս նաեւ «Հայ Ձայն» կայքի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ռադիօ եւ հեռուստաժամերուն աջակցութիւնը։

Կրկին անգամ ողջունելով եւ յաջողութիւն մաղթելով Ձեզի, այս առթիւ կ'ուզենք հրաւիրել Ձեզ¸ պարոն Ծառուկեան, առաջին իսկ պատեհութեամբ այցելելու Մոնրէալ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս եւ Երուսաղէմ, պատշաճ մակարդակով ներկայացնելու Ձեզ մեր սփիւռքահայ բազմութիւններուն։

Խորին յարգանքներով եւ յաջողութեան մաղթանքներով՝

ՎԱՐԴԱՆ ՆԱԶԻՐԵԱՆ
ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ»:

Historical Dates ՊԱՏՄՈՒԹՅԱՆ ԱՅՍ ՕՐԸ
Tech Innovator and Winemaker Adam Kablanian Joins the Board of Trustees of the “Music for Future” FoundationLusine Yeghiazaryan joins the Board of Trustees of the Music for the Future FoundationYoung Musician from the “Born in Artsakh” Program, Arsen Safaryan, Performed at the Anniversary Concert of the “Artis Futura” Foundation with the Moscow “Russian Philharmonia” Symphony OrchestraYoung Musicians of the “Born in Artsakh” Program Bring the Voice of Artsakh to MoscowThe Sound of Artsakh in the USAEducational Trip and First U.S. Concert of the Music for Future Foundation’s Young MusiciansEmpowering the Next Generation of Armenian Talents: “Music for Future” Foundation’s First Concert in the U.S.DIALOG Organization - Partner of the “Born in Artsakh” ProgramDIALOG Organization - Partner of the “Born in Artsakh” Program“Past”: A Publicly Funded Concert for the Privileged Few? With a Mission to Preserve Armenian Heritage: AraratBank Sponsors the "Artsakh" Orchestra Concert Ardshinbank Donates 120 Million AMD to the Hayastan All-Armenian FundAndron Participates in the Tomorrow Mobility World Congress 2024: Driving Innovation in E-MobilityKhachaturian International Youth Competition launched in China with performance by “Music for Future” Foundation’s Cellist Mari HakobyanNew promotion from AMIO BANK for international SWIFT transfers Shtigen Group is Ready to Support the Development of the Capital Market in Armenia 100% shares of Instigate Semiconductor CJSC is now owned by Microchip Technology inc.Exclusive evening on March 1
Most Popular